2014-10-02 11:53:11

Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի գործունէութիւնը` Հանդիպում Մար Տինքա Դ կաթողիկոս – պատրիարքին հետ ։


Հինգշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պետական քարտուղարութեան Գրադարանին մէջ ընդունեց մերձաւոր արեւելքի երկիրներուն մէջ գործող առաքելական նուիրակներու եւ Հռոմի Քուրիայի վերին վարչութեան պատասխանատուներուն ժողովի մասնակիցները որոնք 2 – 4 հոկտեմբեր Վատիկանի Պետքարտուղարի գլխաւորութեամբ, միասնաբար կը քննարկեն Միջին Արեւելքի երկիրներուն հայող հրատապ հարցերը։
Սրբազան Հայրը ապա իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Փերուի Հուանքաիօ թեմին արքեպիսկոպոսը գերապայծառ Փետրօ Ռիքարտօ Պարրէթօ Եիմէնօն ու ապա Արեւելքի Ասորիներու եկեղեցւոյ կաթողիկոս - պատրիարք` գերերջանիկ Մար Տինքա Դ, ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը որմէ ետք ընդունեց Չատի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի անդամ եպիսկոպոսները, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Ժամը 12.15-ին Նորին Սրբութիւնը Քլեմենթինա Սրահին մէջ ընդունեց Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն քահանայապետական խորհուրդի 28-րդ լիանիստ հաւաքի մասնակիցները։

Մար Տինքա Դ կաթողիկոս – պատրիարքին ուղղած խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Սուրբ Պետրոսի դամբանին մօտ ընդունելու Պատրիարքն ու իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը։

''Մեր հանդիպումը յատկանշուած է մեր բաժնեկցած տառապանքէն, ի տես Միջին Արեւելքի զանազան շրջաններուն մէջ գոյատեւող պատերազմներուն, ու յատկապէս Քրիստոնեաները եւ այլ փոքրամասնութիւնները հարուածող բռնութիւններուն, յատուկ օրէն Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ։ Երբ մտաբերենք մեր եղբայր ու քոյրերուն չարչարանքները, բնական կը թուի գերազանցել ծիսական եւ դաւանական առանձնայատկութիւնները, որովհետեւ անոնց մէջ Քրիստոսի մարմինն է որ այսօր եւս կը վիրաւորուի եւ նուաստացումի կ՛ենթարկուի։ Չկայ ոչ մէկ կրօնական, քաղաքական կամ տնտեսական պատճառ մը որ կարող է արդարացնել այն ինչ որ կը պատահի հարիւրաւոր անմեղ մարդոց, կիներուն եւ մանուկներուն։ Մենք զմեզ խորապէս միացած կը զգանք աղերսանքի աղօթքի մէջ եւ եղբայրսիրութեան գործին մէջ հանդէպ Քրիստոսի Մարմնի անդամներուն որոնք կը տառապին։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա յարեց թէ ''այսօրուայ այցը յաւելեալ քայլ մըն է մեր միջեւ աճող հոգեւոր հաղորդութեան ուղեւորութեան գծով, յետ անցեալ դարերու տխուր անհասկացողութիւններուն'' ու մատնանշեց 20 տարի առաջ իրեն նախորդ` ՅՊԲ երջանկայիշատակ քահանայապետի օրով ստորագրուած ''Քրիստոսադաւանութեան յայտարարութեան'' որ հանդիսացաւ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - անկիւնաքարը դէպի լիակատար միութեան տանող ճանապարհին։
Նորին Սրբութիւնը ապա մէջբերեց վերոյիշեալ յայտարարութեան մէջ պարունակուած հետեւեալ խօսքը ''Մենք կը դաւանինք նոյն հաւատքը` Աստուծոյ Որդոյն հանդէպ որ մարդեղացաւ որպէսզի մենք, Անոր շնորհքին միջոցաւ, դառնանք Աստուծոյ որդիներ'' ու վստահեցուց իր յանձնառումը շարունակելու Հռոմի Եկեղեցւոյ եւ Արեւելքի Ասորի Եկեղեցւոյ միջեւ փոխադարձ բարեկամութեան եւ հաղորդութեան ճանապարհը։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ակնարկեց երկու եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբի աշխատանքին մաղթանք յայտնելով որ այս մէկը սատարէ միութեան գործընթացքին։ ''Այն ինչ որ մեզ կը միացնէ շատ աւելի է քան այն ինչ որ մեզ կը բաժնէ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու շարունակեց – ասոր համար մենք մեզ մղուած կը զգանք Սուրբ Հոգիէն` այժմէն իսկ փոխանակելու մեր եկեղեցական աւանդութիւններու հոգեւոր գանձերը, որպէսզի կարենանք ապրիլ որպէս իսկական եղբայրներ, բաժնեկցելով բարիքները զոր Տէրը չի դադրիր պարգեւելու մեր Եկեղեցիներուն, որպէս նշան իր ողորմութեան։
Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակեց հայցելով Ամենասուրբ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը եւ Աստուածային օրհնութիւնները Ասորի եկեղեցւոյ կղերին եւ հաւատացեալներուն վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.